2016-01-27 13:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` Աստուած չի լռեր հալածանքի դիմաց


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 27 յունուար 2016-ին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, զանազան լեզուներով արտասանած ողջոյններու շարքին, խօսքը ուղղելով Արեւելքէն` ու յատկապէս Իրաքէն ժամանած ուխտաւորներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ ''Աստուած լուռ չի մնար իր զաւակներուն աղաղակին ու տառապանքին դիմաց եւ անարդարութիւններուն ու հալածանքներուն դիմաց, այլ իր Ողորմութեամբ կը միջամտէ` ու կը պարգեւէ փրկութիւն եւ օգնութիւն։ Ան համբերութիւն կը գործածէ մեղաւորին հետ, անոր դէպի զղջում առաջնորդելու համար ու կը փնտռէ կորսուածը որպէսզի վերադառնայ, որովհետեւ Աստուած կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին։ Աստուած ձեզ օրհնէ ու ձեզ պահպանէ չարէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.